2014-06-13 10:39:04

Կիրակի` 15 Յունիսին Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այեցլէ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կեդրոնը։


Կիրակի, 15 Յունիս 2014-ի յետմիջօրէի ժամը 5-ին, պիտի այցելէ Հռոմի, Թրասթեվերէ շրջանին մէջ գտնուող, Սանդ Էճիտիոյ Կաթողիկէ հասարակութեան կեդրոնը ուր յատկապէս հանդիպում պիտի ունենայ, հասարակութեան կողմէ խնամուած աղքատներուն հետ, Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքային մէջ։
Սրբազան Քահանայապետը Թրասթեվերէ կը ժամանէ 17-ին, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիր` Անտրէա Ռիքքարտիի ընկերակցութեամբ։ Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ հրապարակի վրայ համախմբուած հաւատացեալները ողջունելէ ետք, Սանթա Մարիա Ին Թրասթեվերէ պազիլիքայի մէջ նախ պիտի պատուէ ողորմութեան Տիրամօր սրբապատկերը ու ապա ունկնդրելէ ետք մի քանի հաւատացեալերու վկայութիւնները խօսք մը պիտի ուղղէ ներկաներուն որուն կը յաջորդէ աղօթքի արարողութիւն մը։ Սրբազան Հայրը հուսկ քալելով պիտի ուղղուի Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան քովնտի կեդրոնը ուր հանդիպում կ՛ունենայ հասարակութեան անդամներուն հետ։
Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապի նախորդները եւս այցելած էին Սանդ Էճիտիոյի հասարակութիւնը։ Երջանկայիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ, երկու անգամ այցելած է բարեսիրական հաստատութիւնը` 1980-ին եւ 1993-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը` 2009 թուականին։
Իտալական Կաթողիկէ այս հասարակութիւնը հիմնուած է 1968 թուականին, որպէս առաջնահերթ կէտնպատակ ունենալով հակամարտութիւններու խաղաղ լուծումի փնտռտուքը եւ աղքատներու խնամատարութիւնը։ Արդարեւ բացի աղքատներուն նուիրուած առօրեայ խնամքին, Սանդ Էճիտիոյի հասարակութիւն ամէն տարի Սուրբ Ծննդեան օրը, Հռոմի հազարաւոր աղքատներուն առջեւ կը բանայ իր դռները ու անոնց հետ միասին կը բաժնեկցի եղբայրական սիրոյ ճաշը։








All the contents on this site are copyrighted ©.